2012-08-03 10:50:29

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի <<Յիսուս Նազովրեցի>>ի 3րդ Հատորը Աւարտած է։


Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի յաղորդագրութեան համաձայն, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը այս օրերուս աւարտեց` Յիսուս Նազովրեցի գիրգի 3րդ հատորի շարադրութիւնը որ նուիրուած է Յիսուսի մանկութեան շրջանին։ Սոյն հատորը կ՛ամբողջացնէ Սրբազան Քահանայապետի Յիսուս Նազովրեցիի մասին հաւագածոն։

Այս օրերուս նախատեսուած է զանազան լեզուներով հատորին թարգամանութիւնը որուն բնագիրը գերմաներէն լեզուով շարադրուած է։

Նշենք որ Յիսուս Նազովրեցի գիրգի առաջին հատորը լոյս տեսաւ 2007ին ու նուիրուած էր Յիսուսի մկրտութենէն մինչեւ անոր այլակերպութիւնը մինչ երկրորդ հատորը հրատարակուեցաւ 2011-ի մարտին եւ նուիրուած էր Յիսուսի Երուսաղէմի մուտքէն մինչեւ անոր Յարութիւնը։

Յիսուս Նազորէցիի նուիրուած հաւագածոն կը կրէ երկեակ ստորագրութիւն Ժոզէֆ Ռացինկեր եւ Պենետիկտոս ԺԶ։







All the contents on this site are copyrighted ©.